2013-11-20 12:22:14

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կոչը` Ընծայում Սուրբ Կոյս Մարիամի տօնին եւ Մակէն հռչակուած ''Հողագործ Ընտանիքի'' միջազգային տարւոյն առթիւ։


Չորեքշաբթի, 20 նոյեմբերի հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը երկու կոչեր ուղղեց, մէկը վերաբերող` ''Սուրբ Կոյս Մարիամի տաճար ընծայումի'' տօնին եւ միւսը հայող` Մակէն հռչակուած ''Հողագործ Ընտանիքի'' տարւոյն։

Վաղը - ըսաւ Սրբազան Հայրը - 21 նոյեմբերին, ''Սուրբ Կոյս Մարիամի տաճարի ընծայման'' տօնին առթիւ պիտի տօնախմբենք ''նուիրեալ անձերու''օրը, նուիրուած փակեալ կրօնաւորներու հաստատութիւններուն։ Ուրախալի առիթ մըն է շնորհակալութիւն յայտնելու Տիրոջ` մեզի պարգեւած բոլոր նուիրեալ անձերուն համար, որոնք վանքերու եւ ճգնարաններու մէջ՝ Աստուծոյ հետ կը միանան իրենց աղօթքներով։ Գոհաբանութիւն յայտնենք Աստուծոյ, փակեալ կեանք ապրողներու վկայութիւններուն համար ու չի պակսեցնենք մեր այս եղբայրներուն ու քոյրերուն հոգեւոր եւ նիւթական նեցուկը. որպէսզի կարենան իրագործել իրենց յանձնուած առաքելութիւնը։

Իսկ երկրորդ կոչին մէջ Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձաւ յառաջիկայ 22 նոյեմբերին, Մակին կողմէ հռչակուած ''հողագործ ընտանքիներու միջազգային տարւոյն''։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց թէ ''հողագործութեան տնտեսութիւնն ու զարգացումը ընտանիքին մէջ կը գտնեն ստեղծագործութիւնը յարգող բանուոր մը''։Ու աւելցուց թէ '' Աշխատանքի աշխհարին մէջ նաեւ Ընտանիքը օրինակ է եղբայրակցութեան՝ ապրելու համար միասնականութեան եւ զօրակցութեան փորձառութիւնը, որ աւելի մեծ ուշադրութիւն կը դարձնէ օգնութեան կարօտ եւ խնամքի կարիք ունեցողներուն, հեռու պահելով ընկերային բոլոր բախումները։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կոչը եզրաբակեց մաղթելով որ Մակի այս ձեռնարկը օժանդակէ արժէքաւորելու համար ընտանիքի արտադրած բարիքներն ու ներդրումները՝ տնտեսական, ընկերային, մշակութային եւ բարոյական մարզերէն ներս, համայն մարդկային հասարակութեան ի նպաստ։








All the contents on this site are copyrighted ©.